Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի:
Նիստէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն լուրջ տագնապը, երբ անհրաժեշտ է տալ ազգային յանդուգն որոշումներ` Լիբանանը փրկելու, անոր գոյացութիւնը պաշտպանելու եւ շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու, սակայն, իշխող աւազակախումբը կը փաստէ, որ ձախաւեր քաղաքականութիւն որդեգրած է:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը կառավարութենէն պահանջեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն ապրուստի սղաճին օժանդակող որոշ գումար մը տրամադրել, ինչպէս նաեւ հիմնել անգործութեան յատուկ ֆոնտ, որմէ կարենան օգտուիլ սեփական մարզի աշխատաւորները:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը հարց տուաւ կառավարութեան` Միջազգային դրամատան կողմէ տրամադրուած 450 միլիոն տոլարին մասին, որ ամէնէն աւելի թշուառ ընտանիքներուն պիտի տրամադրուէր` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այս իմաստով ստիպուած է խորհրդարանին ներկայացնել թափանցիկ ու յստակ գործիքակազմ մը:
Պլոքը նշեց, որ աղբահանման տագնապին եւ աղբերու կուտակումին դիմաց, քաղաքապետարաններուն եւ քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութիւններուն հետ գործակցաբար, աշխատանք մը պիտի տարուի մշակելու այդ տագնապին տեղայնական լուծում մը, մինչեւ որ կառավարութեան կողմէ այլ լուծում մը տրամադրուի:
Պլոքը կոչ ուղղեց կառավարութեան` փրկելու կրթական մարզը, յատկապէս սեփական դպրոցները:
Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ներկայ գտնուեցաւ Տիւրզի համայնքի յարանուանական խորհուրդի նիստին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան:
Նիստին ընթացքին Տիւրզի համայնքի յարանուանական խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան` դուրս գալու տեղքայլի իր վիճակէն եւ մշակելու տնտեսական այնպիսի ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը երկրին շահեր եւ ներդրումներ կ՛ապահովէ, ինչպէս նաեւ խոստացուած բարեկարգումները կը գործադրէ` յատկապէս ելեկտրականութեան մարզը բարելաւելու առումով:
Տիւրզի համայնքի յարանուանական խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը միացուած թիւերով ներկայանայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն:
Խորհուրդը զգուշացուց Լիբանանի հասած այժմու իրավիճակին սպառնացող վտանգէն եւ կառավարութենէն պահանջեց երկիրը դուրս բերել իր դիմագրաւած շրջափակումէն:



