Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց ընթացիկ իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ քննարկուեցաւ Արեւելքին կամ Արեւմուտքին բացուելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը` հասնելով այն եզրակացութեան, որ Լիբանան իր բնական ընթացքով, դերակատարութեամբ եւ գոյութեամբ կրնայ ապրիլ հաւասարակշռութիւններով, որոնք իր պատմութեան ընթացքին զինք պահած են եւ իր գոյութիւնը ապահոված:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանան քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու հանդիպման վայր է, որովհետեւ ան, Արեւելքի մէջ գտնուելով հանդերձ, դէպի Արեւմուտք բացուած է:
Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները այս իրավիճակն ու իրենց ազատ որոշումը պահպանեն:
Ան նաեւ պահանջեց մաքսատան ճամբով գործուած մաքսանենգումը կասեցնել` հաստատելով, որ պէտք է վերջ մը դնել ապօրինի անցքերէն կատարուող մաքսանենգումին եւ վերացական հաստատութիւնները փակել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ Լիբանանէն արտածելու եւ one stop shop-ի դրութիւնը որդեգրելու կարեւորութիւնը:
Համախմբումը կոչ ուղղեց կառավարութեան` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւնները արագացնելու, այս մէկը նկատելով առաջնահերթ եւ կարեւոր: «Պէտք է Միջազգային դրամական ֆոնտէն պահանջել, որ ան Լիբանանին ծրագիր մը առաջարկէ, որպէսզի Լիբանանի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը քննարկեն այդ ծրագիրը եւ տեսնեն, թէ անոր նախապայմանները կը յարմարի՞ն Լիբանանի շահերուն», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:



