Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն. «Լիբանան Ամբողջական Է Իր Չէզոքութեամբ, Գերիշխան` Իր Որոշումով, Հզօր` Իր Սահմանադրութեամբ Եւ Բարգաւաճ` Իր Զաւակներով»

Յուլիս 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը նախանցեալ օր գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան  ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:

Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ տարիներ շարունակ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր բաղադրիչներուն կողմէ տիրելու բարդոյթը երկիրը հասցուցած է իր այս ամուլ վիճակին եւ քայքայումին:

«Ժամանակն է դուրս գալու այս դատարկ օղակէն, որպէսզի Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն սեփականութիւնը ըլլայ եւ ազգային ինքնորոշման մէջ անոնք ունենան իրենց կարծիքն ու տեսակէտը», կ՛արձանագրէ հաղորդագրութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնները արեւու պէս յստակ են եւ կը հաստատեն, որ լիբանանցիները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքին եւ ոչ թէ զայն իրենց հետ այս կամ այն երկիրը տանին: «Լիբանան ամբողջական է իր չէզոքութեամբ, գերիշխան` իր որոշումով, հզօր` իր սահմանադրութեամբ եւ բարգաւաճ` իր զաւակներով», կը հաստատէ հաղորդագրութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց կարգ մը լիբանանեան քաղաքական ուժերու կողմէ արաբական երկիրներուն դէմ արձանագրուած ցեխարձակումներն ու մեղադրանքները, որոնք ամօթալի են եւ Լիբանանի հանդէպ ամբողջ աշխարհին վստահութիւնը խոցելի կը դարձնեն:

«Լիբանանի ներկայ իշխանութիւնը անկարող է երկրին հարցերը լուծել: Ան նոյնիսկ երկրին աղբերը չի կրնար հաւաքել, հետեւաբար Լիբանանի իշխանութիւնը պէտք է հրաժարի եւ առիթ տայ, որ նորեր ընտրուին եւ իշխանութիւնը ստանձնեն», կը նշէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, Սամի Ժեմայել հարցազրոյցի մը ընթացքին հարց տուաւ, որ ինչո՞ւ Հըզպալլա կը մերժէ իր զէնքը յանձնել այնպիսի կառավարութեան մը, որ ինք ստեղծած է եւ հանրապետութեան նախագահի մը, որ իր դաշնակիցն է:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2542-ի, Մահուան Պարագաներունը` 38-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1455-ի

Յաջորդը

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոք. «Իշխող Աւազակախումբը Փաստեց, Որ Ձախաւեր Քաղաքականութիւն Կ՛որդեգրէ»

RelatedPosts

Հարաւային Լիբանանի Վրայ  Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ

Դեկտեմբեր 13, 2025
ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ  Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ  Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»

Դեկտեմբեր 13, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի  Պատուիրակութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի Պատուիրակութիւնը

Դեկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?