Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 14, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, Լիբանանի մէջ օդը կը մնայ փոթորկոտ եւ անձրեւոտ: Լիբանանի գիւղական բոլոր շրջանները ծածկուած են ձիւնով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, տօնական օրերուն ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Ըստ օրաթերթին, սէյիտ Նասրալլա մեղադրած է վարչապետ Միքաթին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է ամբողջ երկրին մէջ ապահովական կայունութեան հաստատման:

ԱՊԼԱՀԻ յոյն ուղղափառ համայնքի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ դէմ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն անծանօթներ յարձակում մը գործեցին եւ գողցան եկեղեցւոյ մէջ գտնուող դրամը: Եկեղեցւոյ հովիւ հայր Տանիէլ Տըպս խստիւ դատապարտեց այս արարքը` պահանջելով բացայայտել յանցագործները եւ պատժել զանոնք:

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ բարձրաստիճան սպայ մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտեց, որ իսրայէլեան բանակը 2007-ին ծրագրած էր Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ պատերազմի մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան այցելութիւնը լիբանանցիներուն համար երաշխիք մըն է, որ կը հաստատէ, թէ անոնց վերաբերող հարցերը հետապնդուելու ընթացքին մէջ կը գտնուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆահի յայտնեց, որ «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ամերիկեան քաղաքականութիւն կը գործադրէ, եւ մտահոգ ենք, որ Լիբանանի վրայ յանձնառութիւններ պարտադրուին»:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Օպէյտ յայտնեց, որ կառավարութենէն հրաժարելու նպատակով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի սպառնալիքներուն զուգահեռ Հըզպալլա եւս կրնայ լուծել կառավարութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ իրենք խանդավառ չեն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի տուած խորհուրդներով, որովհետեւ այդ խորհուրդները կը մարմնաւորեն ամերիկեան-իսրայէլեան պայմաններ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Լիպիոյ կառավարութիւնը պէտք է բացայայտէ անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի ճակատագիրը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ շրջանին ապագան կախեալ է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն արդիւնքներէն:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Քայիտայի մասին պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի կատարած յայտարարութիւնները նախապատրաստեն երկրին ապահովական կայունութեան խախտումը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց դէմ գործուած յարձակումներուն առնչութեամբ լրջութիւն կը ցուցաբերեն` աւելցնելով, որ Լիբանան պատասխանատու է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ապահովութեան երաշխաւորման:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Պքերքէի միջեւ երկխօսութեան շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի ապազինման թղթածրարը առաջնահերթութիւն չէ:

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ «ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԱՒԱՆ»-ԻՆ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԻԱ ԵՐԹԸ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԷ

Յաջորդը

ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ Է ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.