3 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 27.320 պարագայ, որոնցմէ 15.484-ը` ապաքինած:
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 662 նոր պարագայ, 448 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 118.102:
Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը հասած է 469-ի: