Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կրնան Թուրքիայէն Ձեռք Ձգել Ռուսական «Էս-400» Համակարգեր

July 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ 2021 թուականին,  պաշտպանական պիւտճէի յատկացումներու բաժինի օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութեան որդեգրման պարագային, թերեւս, կարելիութիւն ունենան Թուրքիայէն ձեռք բերել ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Տիֆենս Նիուզ»-ին:

Այդպիսի փոփոխութեան առաջարկ կատարած է հանրապետական ծերակուտական Ճոն Թիունը: Միւս կողմէ, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ճին Ռիշ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան սուր քննադատներէն է, իր կարգին կ՛առաջարկէ կատարել փոփոխութիւն, որով Թրամփի վարչակազմը հնարաւորութիւն պիտի ստանայ օրէնքի որդեգրումէն ետք երեսուն օրերու ժամկէտի մէջ պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ:

Յիշեցնենք, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումը, հակառակ Թուրքիա¬Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ այդ պատճառով ի յայտ եկած ճգնաժամին, մեկնարկած է յուլիս 2019-ի կէսերուն: Ուաշինկթըն Անգարայէն պահանջած էր հրաժարիլ ռուսական համակարգեր ձեռք բերելէ եւ փոխարէնը գնել ամերիկեան «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր` սպառնալով կասեցնել կամ` ընդհանրապէս դադրեցնել ամերիկեան նորագոյն «Էֆ-35» հալածիչներու վաճառքը` Թուրքիոյ: Այդ բոլորը, սակայն, Թուրքիան չմղեց փոխելու իր ընթացքը եւ շարունակեց բանակցութիւնները Ռուսիոյ հետ` «Էս-400»-ի լրացուցիչ քանակ ձեռք բերելու համար:

Միացեալ Նահանգներն ալ, թէեւ իրագործեցին իրենց հնչեցուցած սպառնալիքներու մէկ մասը` «Էֆ-35» հալածիչներ չվաճառելու հարցին մէջ, սակայն աւելի խիստ պատժամիջոցներու չդիմեցին:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Չինաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Հոնկ Քոնկի Ազգային Անվտանգութեան Վերաբերող Օրէնքը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.