Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Կոչ Կ՛ուղղեն 1,5 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ականազերծման Ծրագիրին

June 26, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբին 1,5 միլիոն տոլար տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման եւ ականներէն վնասուածներու վերականգնման ծրագիրին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը:

Քոնկրեսականը իր խօսքը ուղղած է տեսակապի միջոցով Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբի առաջին առցանց լսումներուն ընթացքին: Յանձնախումբը կը քննարկէ 2021 թուականի արտաքին օգնութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները:

Քոնկրեսական Շըրմընի կոչին միացած են յաւելեալ 9 քոնկրեսականներ` Ճիւտի Չուն, Տէյվիտ Սիսիլինին, Ճիմ Քոսթան, Ճէյ Քոքսը, Ճոն Կարամենտին, Ճիմ Հիմեսը, Քերոլայն Մալոնին, Էտըմ Շիֆը եւ Ռաշիտա Թլայհը, որոնք գրաւոր իրենց աջակցութիւնը յայտնած են ականազերծման ծրագիրի ֆինանսաւորման:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը 2019 թուականի գարնան որոշած էր դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման ծրագիրը, զոր կ՛իրականացնէ բրիտանական «ՀԵԼԼՕ Թրաստ» կազմակերպութիւնը` պատճառաբանելով, որ ծրագիրը մօտեցած է իր աւարտին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչներու միացեալ նամակին մէջ ընդգծուած է, որ տրամադրուող միջոցները պիտի ուղղուին այլ ոլորտներ, մասնաւորաբար բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու ծրագիրին:

Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները շնորհակալութիւն յայտնած են քոնկրեսական Շըրմընին եւ անոր գործընկերներուն` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբին մէջ ականազերծման ծրագիրի հարցը հնչեցնելու համար: Կազմակերպութիւնները կ՛ընդգծեն ականազերծման կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար եւ ծրագիրին մարդասիրական բնոյթը:

 

Նախորդը

Ազգային Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կասեցնելու Լիբանանի Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակի Սադրանք` Ընդգծելով, Որ Այդ Սադրանքներուն Դէմ Դնելը Լիբանանեան Հաւաքական Պատասխանատուութիւն Է

Յաջորդը

Հայաստան. «Քորոնա»-ով Վարակուածներու Թիւի Նոր Մրցանիշ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.