Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԱԾ-ն Խուզարկեց Գագիկ Ծառուկեանի Տունը. Մինչ Ծառուկեան Կը Հարցաքննուէր, ԲՀԿ-ի Պատգամաւորներն Ու Աջակիցները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին

June 15, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 14 յունիսի առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) խուզարկեց Գագիկ Ծառուկեանի Առինջի մէջ գտնուող առանձնատունը: Այնուհետեւ Գագիկ Ծառուկեան իր տան դիմաց հաւաքուածներուն յայտարարեց, թէ իրեն նկատմամբ քաղաքական ճնշման փորձ կը կատարուի, եւ որ «ամէն ինչ սարքած է»` աւելցնելով, որ ինք կ՛երթայ հարցաքննութեան:

ԱԱԾ-ի շէնքին դիմաց հաւաքուեցան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք ներկայացան իբրեւ կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի աջակիցներ:

ԱԱԾ-ին դիմաց հաւաքուած ԲՀԿ-ական պատգամաւորները, յատկապէս Շաքէ Իսայեանը յայտարարեց, թէ իրենք ունին ներքին տեղեկութիւններ, որ Գագիկ Ծառուկեանը պիտի ձերբակալեն, իսկ Ազգային ժողովին մէջ անոր անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն պիտի ներկայացուի: ԲՀԿ-ականները շարունակեցին պնդել, թէ եղածը քաղաքական հետապնդում է:

Աւելի ուշ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը 2 հաղորդագրութիւններով հանդէս եկաւ` տեղեկացնելով Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Շանկրի Լա» եւ «Օնիրա Քլապ» ընկերութիւններու ապօրինի գործունէութեան մասին: Այդ հաղորդագրութեան համաձայն, ապօրինի գործունէութեան իբրեւ հետեւանք պետութեան պատճառ դարձած է աւելի քան 29 միլիառ դրամի վնաս: Միւս հաղորդագրութեամբ, ըստ ԱԱԾ-ի, բացայայտուած են ԲՀԿ անդամներու կողմէ ընտրողները կաշառելու հարիւրաւոր դէպքեր:

Ոստիկանները անընդհատ յորդորեցին ցուցարարները` պահպանելու ընկերային հեռաւորութիւն, սակայն ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան, եւ ոստիկանները բերման ենթարկեցին քաղաքացիներ:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Հաւաք-Հանդիպում` ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.