Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն մտադիր չէ երկարաձգել իր պրազիլցի միջնապահին Թիակօ Սիլվայի պայմանագրութիւնը, այս գծով կը յայտնէ ֆրանասական հանրածանօթ մարզական օրաթերթը՝ «L’Equipe»-ը։
35 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ կ՛աւարտի այս ամսուան 30-ին։
Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, ֆութպոլիստին այս մէկը փոխանցած է ակումբին թեքնիք տնօրէնը՝ Լէոնարտօ:
Նշուեցաւ, որ ներկայ դրութեամբ ֆութպոլիստով շատ մօտէն հետաքրքրուած է անգլիական Էվըրթընը:
Թիակօ Սիլվա Սեն Ժերմէնի միացաւ յունիս 2012-ին՝ իտալական Ա. Սէ. Միլանէն, փոխան՝ 42 միլիոն եւրո-յի:
Ինչպէս ծանօթ է, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը վաղաժամ աւարտեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով եւ Փարիզ Սեն Ժերմէն հռչակուեցաւ ախոյեան: