Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ ամէն գնով իր կազմին միացնել Պարսելոնայի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ՝ Արթուր Ռամոսին, երբ յառաջիկայ ամրան ընթացքին մարզիկներու փոխանցումները սկսին:
«RAC-1» կը յայտնէ ըսելով, որ իտալական կազմը պատրաստ է անոր վճարել երեք անգամ աւելի շատ աշխատավարձ, քան ան այժմ կը ստանայ իր ակումբէն՝ Պարսելոնայէն:
Եուվենթուս յառաջիկային դարձեալ բանակցութիւններու պիտի սկսի Պարսելոնայի հետ, ամէն գնով իրականացնելու համար 23 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը:
Կը նշուի սակայն, որ Պարսայի մարզիչը՝ Քիքէ Սեթիեն գոհ է անոր ելոյթներէն եւ չ՛ուզեր անոր հեռացումը քաթալոնիական կազմէն:
Նշենք, որ ան 2018-ին պրազիլական Կրեմիոյէն միացաւ Պարսելոնայի: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 20 մրցում, նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ: