Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կ՛ուզէ քանի մը տարի եւս մաս կազմել մայրաքաղաքի կազմին:
«Football Italia» կը յայտնէ ըսելով, որ Մխիթարեան ընտելացած է երկրին, ակումբին մէջ կը տիրէ բացառիկ մթնոլորտ եւ բաւական մը տիրացած է իտալերէնին:
Ինչպէս ծանօթ է, որ անԱրսենալէն փոխ տրուած է Ա. Էս. Ռոմայի՝ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, որ սկզբունքով պէտք էր աւարտէր յառաջիկայ 30 յունիսին:
Նշենք, որ ան իր կազմին հետ ցարդ նշանակած է 6 կոլ եւ դարձած 3 կոլի փոխանցման հեղինակ: