Ինչպէս ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրը աշխարհի ամբողջ տարածքին դադրեցուց մարզական բոլոր տեսակի իրադարձութիւնները:
Այժն անոնք հանգրուան առ հանգրուան կը վերադառնան իրենց բնականոն ընթացքին, բնականաբար՝ առանց հանդիսատեսներու:
Իտալիոյ ֆութպոլի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը՝ «Քալչիօ», այժմ պիտի վերսկսի յառաջիկայ 20 յունիսին, 25-րդ հանգրուանէն մնացած մրցումներով. Թորինօ-Փարմա եւ Վերոնա-Քալիարի: Անոր յաջորդող օրը տեղի պիտի ունենան մնացեալ երկու յետաձգուած մրցումները. Աթալանթա- Սասուոլօ եւ Ինթեր Միլան- Սամտորիա:
26-րդ հանգրուանի բոլոր մրցումները կատարուած են:
Իսկ 22 յունիսին կը սկսին 27-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի յառաջիկայ 2 օգոստոսին: