«Globo Esporte» կը յայտնէ ըսելով, որ Պրազիլական Վասքօ Տա Կամայի 16 ֆուտբոլիստ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Նշուեցաւ, որ այդ 16-ը անմիջապէս մեկուսացուած են:
Ընդհանուր առմամբ 350 ֆութպոլիստ, մարզիչ, աշխատակից եւ անոնց ընտանիքի անդամները ենթարկուած են քննութիւններու:
Պրազիլի մէջ ֆութպոլի բոլոր դասակարգերու ախոյեանութիւնները նախորդ մարտէն ի վեր դադրած են անորոշ թուականով մը:
Պրազիլի ախոյեան եւ Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր՝ Ֆլամենկոյի երեք ֆութպոլիստներու մօտ քննութիւններուն արդիւնքները տուած են դրական պատասխան: