Հիմնուելով «Քորոնա»-ի ժահրին յառաջացուցած ճգնաժամային իրավիճակին պատճառով կառավարութեան տուած ընդհանուր զօրաշարժի որոշումին վրայ, ինչպէս նաեւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ ներկայիս քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը անգործ է եւ ընդառաջած տունը մնալու կառավարութեան կոչին, նմանապէս եւ նկատի ունենալով, որ շրջանի գրեթէ բոլոր վաճառատուները փակ են, հետեւաբար`
Առաջին .- Պուրճ Համուտի մէջ բանող ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն իրենց հայթայթած 2020 մայիս ամսուան ելեկտրականութեան ամփերի հաշուարկը կատարել հետեւեալ ձեւով.
– Իւրաքանչիւր ամփերի գին հաշուել 15000 լ.ո. (տասնհինգ հազար լիբ. ոսկի):
– Երեք ամփերի գինը հաշուել 45.000 լ.ո. (քառասունհինգ հազար լիբ. ոսկի):
– Հինգ ամփերի գինը հաշուել 75.000 լ.ո. (եօթանասունհինգ հազար լիբ. ոսկի): Ամփերի մնացեալ քանակի դասաւորումները (6, 10® ամփեր) կը կատարուին` հիմնուելով հինգ ամփերի գինին վրայ:
Իսկ փակ վաճառատուները, անկախ իրենց բաժանորդագրուած ամփերի քանակի դասաւորումէն, կը վճարեն միայն 75.000 լ.ո. (եօթանասունհինգ հազար լիբ. ոսկի):
Երկրորդ.- Այս որոշումին չենթարկուող եւ իր բաժանորդները ելեկտրական հոսանքէ զրկող շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատիրոջ շարժակը պիտի գրաւուի, եւ քաղաքապետութիւնը ի՛նք պիտի բանեցնէ շարժակը ու ելեկտրականութիւն բաշխէ քաղաքացիներուն, եւ այս` ճգնաժամի ամբողջ տեւողութեան, մինչեւ ընդհանուր զօրաշարժի աւարտը:
Երրորդ.- Պուրճ Համուտի բնակիչներն ու փակ վաճառատուներու գործատէրերը պարտին տեղեակ պահել քաղաքապետարանը` հեռաձայնելով 01-260155 եւ 01-256402 թիւերուն եւ քաղաքապետութեան փոխանցել այս որոշումը անտեսող ոեւէ սեփականատիրոջ կեցուածքը:
Ծանօթ.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը պիտի շարունակէ հրապարակել նման հաղորդագրութիւն, մինչեւ «Քորոնա»-ի ժահրին պատճառած այս ճգնաժամին աւարտը` հերթաբար ճշդելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ