Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բառաստան»՝ Բնաբանական Առցանց Բազմամուտք Բառարան

Մայիս 26, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Նոր Յառաջ»Ի Հարցազրոյցը Անահիտ Տօնապետեանի Հետ

Վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Պատրաստուած է Անահիտ Տօնապետեանի, Կարօ Առաքելեանի եւ Ֆլորին Տէյիրմենճեանի հեղինակած «Բառաստան» (Para-stan) բառարանը (արեւմտահայերէն-ֆրանսերէն եւ ֆրանսերէն-արեւմտահայերէն). այս առիթով «Նոր Յառաջ»ը Անահիտ Տօնապետեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Կարելի՞ է ամփոփ կերպով ներկայացնել «Բառաստան»ի ծրագիրը: Անիկա ինչո՞վ կը տարբերի «Նայիրի» կայքէն:

ԱՆԱՀԻՏ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- «Նայիրի» կայքը թուայնացուած բառարաններու շտեմարան մըն է, իսկ «Բառաստան»ը ամբողջովին նոր բառարան մը, որուն նիւթերը ամբողջութեամբ մենք՝ հեղինակներս մշակած ենք: Օտար լեզուի մը բառապաշարը սորվելու համար զանազան օժանդակներ գոյութիւն ունին, օրինակ «Ophrys» հրատարակչատունը le mot et l’idee (բառը եւ գաղափարը) անունով շարք մը ունի, ուր հինգ հազար բառով լեզուի մը ուսուցման հիմքը կը դրուի: «Ինալքօ» ուսանած ժամանակ Ֆլորին Տէյիրմենճեանը նպատակ ունեցած էր նման ուղեցոյց մը պատրաստելու, սակայն հասկցած էր, որ այսպիսի աշխատանք մը մասթերի սահմաններէն շատ անդին պիտի երթար: Ես Լիբանանի մէջ, երբ Կարօ Առաքելեանի հետ ծանօթացայ, յիշեցի նշեալ ծրագիրը եւ առաջարկեցի զայն մշակել, սակայն առցանց: Այսպէսով, ամբողջ Սփիւռքին մատչելի կ՛ըլլար, ընթերցողը կրնար թէ՛ բնաբանական ցանկերով մուտք գործել եւ թէ ալ բառ մը որոնել: Նաեւ առցանց տարբերակը մեզի՝ հեղինակներուս կարելիութիւնը կու տայ բառարանը անընդհատ ծաւալելու, ընդարձակելու եւ թարմացնելու: Այս կարելիութիւնը յատկապէս կարեւոր է, նկատի ունենալով, որ երեք հոգիով (այն ալ ոչ-ամբողջական դրոյթով) այսպիսի ծրագիրի ձեռնարկելը շատ համարձակ քայլ մըն է: Մենք սկսանք 10,000 բառով եւ այսօր «Բառաստան»ը կը պարունակէ հայերէն՝ 35 հազար եւ շուրջ 25 հազար ալ ֆրանսերէն բառեր: Փորձած ենք կարելի եղածին չափ պարզ կառոյց մը ընդունիլ, նուազագոյն քերականական նշումներով: Բառարանը բաղկացած է 32 բնաբանական գլուխներէ, առօրեայ կեանքէն մինչեւ փիլիսոփայութեան առընչուող…։ Աշխատանքին ընթացքին պէտք եղաւ տարբեր տեսակի հարցեր լուծել, ըլլան կանոնարկումի հարցեր. խօսակցական բառերը կամ ընթացիկ օտարաբանութիւնները ընդգրկե՞լ, թէ ոչ. որոշեցինք ընդգրկել, յատուկ պիտակաւորումով կամ պարզապէս առաջարկներ ընել, երբ բառի մը արեւմտահայերէն տարբերակը այնքան ալ յստակ չէր: Ատոր համար տարբեր աղբիւրներէ օգտուեցանք, ըլլան բառարաններ կամ ալ որոշ խորհրդատու անձեր, եւ այս ամբողջ աշխատանքը չորս տարի տեւեց: Հիմա արդէն «Բառաստան» բառարանը հրապարակած ենք, քանի մը ուղղագրական սխալներ կամ վրիպակներ կրնան մնացած ըլլալ, բայց մենք կը շարունակենք ծրագիրը սրբագրել եւ թարմացնել, այնպէս որ աստիճանաբար անոնք պիտի անհետանան: Որոշ մասնագէտներու (գրող, լրագրող, լեզուաբան…) յանձնարարած ենք այս բառարանը գործածել յատուկ կարգավիճակով՝ որպէս աշխատակից, ինչ որ թոյլ կու տայ բառերու մասին նկատողութիւնները ուղղակի փոխանցել մեզի, ըլլա՛յ թարգմանութեան այլընտրանքային առաջարկ մը կամ սխալի մը նշումը: Աշխատակիցներուն համար մշակած ենք յատուկ կոճակ մը, որ թոյլ կու տայ անմիջականօրէն մեզի գրել, եւ մենք այս նկատողութիւնները պարբերաբար պիտի օգտագործենք «Բառաստան»ը թարմացնելու եւ բարելաւելու համար: Այս ձեւով այս բառարանին շուրջ կը կազմուի հմուտներու խորհուրդ մը, որ գործնականօրէն պիտի աշխատի եւ որուն առաջարկները անմիջականօրէն արձագանգ պիտի ունենան բառարանին մէջ:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այս պահուն կարելի՞ է «Բառաստան»ը օգտագործել:

ԱՆԱՀԻՏ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- «Բառաստան»ը արդէն տրամադրելի եւ անվճար է: Առանձին բառ մը փնտռելու համար կարելի է առանց արձանագրութեան մուտք գործել, իսկ բոլոր կարելիութիւններէն օգտուելու համար պարզ արձանագրութիւն մը պէտք է կատարել, որ կը հաստատուի ելեկտրոնային նամակով:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ո՞վ հովանաւորած է այս աշխատանքը:

Ա.Տ. – «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը գլխաւոր հովանաւորն է, բայց «Ինալքօ»ն եւ Institut de recherche pour le developpement-ը եւս օժանդակած են այս գործին:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս 28. Առաջին հանրապետութեան 102 Ամեակ

Յաջորդը

Նշմարներ. Եթէ Խենթին 40 Օր Խելօք Ես Ըսեն…

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?