
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ կայացած չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ աշխատավարձերը սրբագրելու թղթածրարին լուծումը պէտք է ապահովել Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ տնտեսական խորհուրդներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ այդ թղթածրարը լուծելու առումով դրական մթնոլորտ կը տիրէ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` այդ թղթածրարին առումով դրական արդիւնքներու յանգելու:
Պըրրի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է առողջ քայլերով յառաջանալ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ քարիւղի պեղման թղթածրարին գործադրութեան եւ արդէն իսկ սկսիլ պեղման աշխատանքներուն: Ան աւելցուց, որ «այդ իմաստով որքան արագ աշխատինք, նոյնքան արագ կարելի կ՛ըլլայ երկրին տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն լուծումը»:


