Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 12, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 400 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ կարմիր մազութինը` 100 լ. ոսկիի յաւելում:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթ օր` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան այցելութեան զուգահեռ,  Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա խօսք մը արտասանէ լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ գործավար Ռոպըրթ Ուաթքինզ կը փափաքի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունենայ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական արդի օրէնք մը, որուն հիման վրայ Լիբանանը կարելի կ՛ըլլայ փրկել իր համայնքային դրութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ այս կառավարութիւնը ունի աշխատանքի միայն մէկ խորագիր, որն է բոլոր մակարդակներու վրայ երկրին սնանկութիւնը:

ԶԱՀԼԷԻ երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր շեշտեց, որ իր կարծիքով, Հըզպալլա դէմ է ամէն համաձայնութեան, որ կը վերաբերի միջազգային օրինականութեան եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երկրին փտածութեան գլուխը կը նկատուի` աւելցնելով, որ ան երկիրը թաղած է նիւթական ծանր պարտաւորութիւններու տակ եւ պատճառ դարձած է լիբանանցի երիտասարդութեան արտագաղթին:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Մախզումի ընդգծեց միջազգային յանձնառութիւններուն կառչած մնալու Լիբանանի պատասխանատուութիւնը, որ Լիբանանի կացութիւնը աւելի ապահով եւ կայուն կը պահէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը դարձած է ազգային անհրաժեշտութիւն` քննարկելու համար բոլոր հարցերն ու թղթածրարները:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքին, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց վարչական բարկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որուն հետ քննարկեց երկու նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի գործադիր խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց քրիստոնէական շրջաններուն մէջ հողերու եւ կալուածներու գնման համեմատութիւններուն մասին: Մարոնիներու լիկան ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ երկրին սահմանները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպում մը ունենալու ժամադրութիւն չէ պահանջած եւ ոչ ալ պիտի պահանջէ:

 

 

Նախորդը

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՑՈՅՑԻ ՄԸ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԵԼՈՎ. «ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐԸ ԱՆԿԱՍԿԱԾ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՏՆԵՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ

Յաջորդը

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.