20 մայիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած 230 նոր հաստատուած դէպք, 255 հոգի ապաքինած է, արձանագրուած է 3 մահ:
Հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը 5271 է, ապաքինածները` 2419, ապաքինման ենթարկուողները` 2758, ընդհանուր քննութիւններ` 44.071, մահերը` 67:
«Քորոնա» ժահրով վարակման 7 դէպք արձանագրուած է շինարարական ձեռնոց եւ բժշկական դիմակ արտադրող «Տաւուշ թեքսթիլ»-ի արտադրամասերէն մէկուն մէջ: Լուրը հաստատեց Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոբանեան, որ դիտել տուաւ, թէ վարակի օճախին յարակից երկու արտադրամասերը փակուած են, 150 աշխատակից եւ անոնց ընտանիքի անդամները մեկուսացուած են:
Ըստ մարզպետին` բոլոր վարակակիրները եւ մեկուսացուածները իրենք զիրենք լաւ կը զգան, եւ ինք յոյս ունի, որ անոնք շուտով կ՛ապաքինին: