Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵՒՐՈՅԻ ՃԳՆԱԺԱՄ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

January 12, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարիօ Մոնթի

Ըստ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի, եւրոյի ճգնաժամ գոյութիւն չունի: Ան գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ «եւրոպական դրամանիշը տակաւին ուժեղ է` նախ եւ առաջ շնորհիւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան եւ ատոր անկախ ըլլալու հանգամանքին»:

Իտալիոյ վարչապետը նշած է, որ եւրոն «վերելքներ ու վայրէջքներ» ունի, սակայն ընդհանուր առմամբ եւրոպական միասնական դրամանիշը «կը շարունակէ կայուն մնալ»:

«Իսկապէս, բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ այսօր պարտքերու պատճառով տնտեսական ճգնաժամի մէջ կը գտնուին: Մեր հիմնական խնդիրը ճգնաժամային իրավիճակը ղեկավարելու միջոցներ գտնելն է: Ճգնաժամի պատճառը եւրոպական տնտեսական բնորդին մէջ չէ, անիկա կու գայ Միացեալ Նահանգներէն», ըսած է ան:

Իտալիոյ վարչապետը դրական արտայայտուած է ֆրանս-գերմանական տնտեսական առանցքին վերաբերեալ, սակայն իր կարծիքով, ատիկա ամբողջ Եւրոպայի զարգացման համար բաւարար չէ: «Գերմանիա եւ Ֆրանսա պէտք չէ շատ տիրակալական ձեւով վարուին, անոնք վերջին տասը տարուան ընթացքին այդպիսի սխալներ կը գործեն», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Եւրոպային քանի մը կեդրոններ անհրաժեշտ են, «անոնցմէ մէկն ալ Իտալիան է»:

Իտալիոյ վարչապետը երէկ Պերլինի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ: Անոնք քննարկեցին հակաճգնաժամային միջոցառումներու իրականացման ընթացքը եւ եւրոյի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԻՐԱՆՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՄԸ ԱՀԱԲԵԿՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.