Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 29 ՄԱՐՏ 1961 )

March 29, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան յայտարարութիւնը անշուշտ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջ բերաւ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար հայ մտաւորականութեան մէջ: Հայկական վանքի մը եւ լոյսի վառարանի մը 150-ամեակը առիթ պիտի ըլլայ բազմաթիւ հայրենակիցներու` այցի երթալու համար Վիեննայի վանք եւ Մատենադարան, «դէպի աղբիւրը լոյսին», ուրկէ հարիւր յիսուն տարիէ ի վեր հայ գրականութեան եւ ազգային ոգիի ճառագայթներ արձակուած են հայութեան ցանուցիր խլեակներուն:

Բայց բաղձալի էր, որ հայ մտաւորականութիւնը ինք հանդիպում մը սարքէր` լոկ մշակութային առաջադրութեամբ: Նախ` յարգանքի իր տուրքը տալու, ապա` անդրադառնալու եւ յիշատակելու համար անցեալին Մխիթարեան հայրերու մշակութային ծառայութիւնը եւ խրախուսէր զանոնք եւ հաղորդակցէր ներկայ համեստ վարդապետներուն հետ, որոնք իրենք զիրենք նուիրած են հայ մշակոյթին` իբրեւ ուսուցիչ, գրագէտ կամ բանասէր:

Եւ դեռ կարելի էր խորհրդակցական կամ «ակադեմական» ժողով մը կազմակերպել Վիեննայի մէջ, օրինակի համար, «տառադարձութեան» կամ լեզուական այլ կարեւոր հարցերու շուրջ:

Ըստ ամենայնի հարկ է, որ հայ մտաւորականութիւնը գործի լծուի եւ ծրագրէ մշակութային «քաղաքականութիւն» մը, որուն անկասկած պիտի օժանդակեն ազգային բոլոր հաստատութիւններն ու ընկերակցութիւնները:

* * *

1911-ի հարիւրամեակին առթիւ Մխիթարեան միաբանութիւնը «Յուշարձան» մը հրատարակած էր գիտական քառասուն յօդուածներով: Մեզի ծանօթ չէ, թէ ինչո՞ւ 150-ամեակին առթիւ նման «Յուշարձան» մը հրապարակ հանելու մասին չեն մտածեր նաեւ այսօր: Ամէն պարագայի, անհրաժեշտ էր, որ ամէն միջոց ի գործ դրուէր 150-ամեակին առթիւ հայագիտական յիշատակարան մը կազմելու համար հայերէն եւ օտար լեզուներով:

Նոյն «Յուշարձան»ին մէջ յիշատակուած էր «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 25-ամեակը: Այժմ նոր յուշարձանին մէջ պէտք է, որ իր արժանի տեղը ունենայ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 75-ամեակը, հ. Ն. Ակինեանի եւ աշխատակիցներուն գրական եւ բանասիրական վաստակին ամփոփումով:

Շնորհաւորելով աբբահայր Մեսրոպ արք. Հապոզեանի քահանայութեան յիսնամեակը` կը յուսամ, որ, շնորհիւ իր վարչագիտական մեծ կարողութեան, որուն ապացոյցը տուած է երեսուն տարիներու ընթացքին, նկատի կ՛ունենայ առաջարկս` յօգուտ հայ գրականութեան եւ բանասիրութեան:

Պ. ՖՐՈՒՆՃԵԱՆ

«ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ԱՍՄՈՒՆՔԸ
ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՄԷՋ

 

Նիկոսիոյ մեր թղթակիցը կը գրէ.

Նիկոսիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնն ու Համազգայինի վարչութիւնները գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» ասմունքը  լսելի դարձնել նաեւ Կիպրոսի հայութեան: Ծրագիրը շատոնց կար, բայց պարագաներու հարկադրանքով յետաձգուած էր մինչեւ 12 մարտի կիրակին:

Ժամանակին ժողովուրդը լեցուցած էր քաղաքին շքեղ սինեմաներէն «Սինէ Փալաս»ի սրահը: Երկու ժամ տեւող արտասանութեան պահուն ներկաները մոռցած էին, թէ Կիպրոս կը գտնուին. փոխադրուած էին Հայաստանի հողին վրայ եւ կարծէք կը լսէին Աբովեանի ձայնը: Յուզիչ էր տեսարանը եւ խոր տպաւորիչ` Յակոբ Կիւլոյեանի արտասանութիւնը. շատերու աչքերը թրջած էին:

Յ. Կիւլոյեան շատ բան սորվեցուց կիպրահայերուն: Վստահ ենք, անոնք, որոնք լսեցին այս ասմունքը, երկար ժամանակ իրենց յիշողութեան մէջ անջնջելի պիտի պահեն: Իսկ անոնք, որոնք ներկայ չեղան, շատ բան կորսնցուցին իրենց կեանքին մէջ: Դժբախտաբար կորսնցնողներէն են Մելգոնեանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք շատ բան ունէին սորվելիք այս առիթէն: Տնօրէնութիւնը չէր թոյլատրած, որ աշակերտութիւնը ներկայ ըլլայ Աբովեանի այս գեղեցիկ ասմունքին:

ՅՈՒԶԻՉ ՆԱՄԱԿ ՄԸ
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻՆ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ստացած է յուզիչ նամակ մը Պուրճ Համուտի ծերանոց-այրիանոցի տնօրէնուհի Հ. Վիցեմաննէն, որ իր պարզութեան մէջ մէկ նոր արտայայտութիւնն է հայ ժողովուրդի նուիրաբերման ոգիին, ու նաեւ` Օգն. խաչին վայելած լայն ժողովրդականութեան:

Նամակը կ՛ըսէ.

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Ներփակ պիտի գտնէք 25 լ. ոսկի, մեր ծեր մայրերուն լումաներով գոյացած, իբրեւ չնչին նուէր` «Պնակ մը կերակուր»ի հանգանակութեան օրուան:

Մեր մայրերը մեծ գոհունակութեամբ եւ սիրայօժար կերպով տուին իրենց բաժինները` մասնակցելու եւ քաջալերելու համար ձեր օրուան նպատակը:

Այսու կու գամ բոլորին կողմէ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելու, որ ամէն ամիս պարկ մը ալիւրով կը յիշէք ու կ՛ուրախացնէք մեր պատսպարեալները:

Նախորդը

Օդերեւոյթ 29/03/2011

Յաջորդը

ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՄԸ ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՂ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑ ՄԸ` ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.