9 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն, որ քննարկուած է տարբեր ոլորտներու մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: