Օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2026-ին «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ը սկսաւ իր 2026-2027 կրթական տարեշրջանը` հայագիտական կրթութեան ճամբով հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման իր առաքելութիւնը շարունակելու նորոգուած վճռակամութեամբ:
Նոր տարեշրջանին հիմնարկը դիմաւորեց 45 առկայ եւ առցանց ուսանողներ, ինչպէս նաեւ` եօթը ազատ ունկնդիրներ:
Վերամուտին առիթով տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ջերմ հանդիպում մը` տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան մասնակցութեամբ:
Հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան անդրադարձաւ հայագիտական կրթութեան այժմէականութեան` ընդգծելով, որ այսօր, երբ սփիւռքը կը դիմագրաւէ լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման լուրջ մարտահրաւէրներ, հայագիտութիւնը այլեւս սոսկ ուսումնական բնագաւառ մը ըլլալէ անդին` ազգային գոյատեւման եւ շարունակականութեան կենսական առաքելութիւն մըն է:
Ան որդիական երախտագիտութեամբ շեշտեց, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ անոր անունը կրող հայագիտական հիմնարկը կը ձգտի պատրաստել հայագիտական գիտելիքներով զինուած, ազգային գիտակցութեամբ ամուր, իր արմատներուն հաւատարիմ եւ ժամանակակից աշխարհին հետ քայլ պահող երիտասարդութիւն:
Շնորհաւորելով նորեկ եւ շարունակող ուսանողները, ինչպէս նաեւ` դասախօսական կազմը, տնօրէնը բոլորին մաղթեց բեղուն, արդիւնաւէտ եւ նոր ձեռքբերումներով հարուստ կրթական տարեշրջան մը` հետեւեալ տեսլականին մէջ խտացնելով հիմնարկին գոյութեան խորհուրդն ու առաքելութիւնը. «Արեւմտահայերէնը, հայ մշակոյթն ու Հայոց պատմութիւնը ապրեցնելով` մենք մեր ժողովուրդին վաղուան օրը կը կերտենք»:


