Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնական Ամերիկեան Խորհրդարանի Յանձնախումբի Նախագահը Դատապարտած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 30, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ Տանիէլ Օրթեկա Հայոց ցեղասպանութեան 105¬ամեակին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը` ճանչնալով եւ դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ գործադրուած ծանրագոյն ոճրագործութիւնը: Օրթեկայի յայտարարութեան բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ, տարածած է Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

«105 տարի առաջ, այսօրուան նման օր մը, աշխարհը սարսափով տեղեկացաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ շուրջ 1,5 միլիոն հայերու կոտորածներուն մասին: Զինուորական պարտութիւններու իբրեւ հետեւանք ցնցումներ ապրող կայսրութեան ղեկավարները միացան Գերմանիոյ` Անթանթի դաշինքը դիմակայելու համար այնպիսի ժամանակ, երբ կայսրութեան զինուորական ղեկավարութեան քարոզչութիւնը կը ներկայացնէր կամ նպատակ կը հետապնդէր ի ցոյց դնել հայերը` իբրեւ խառնակիչներ կամ ռուսերուն ծառայող հինգերորդ շարասիւն:

«Իբրեւ հետեւանք` տասնեակ հազարաւոր հայեր սպաննուեցան կամ Անատոլուի շրջաններէն քշուեցան Սուրիոյ անապատներ, ուր կոտորուեցան Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ պատմութեան ամէնէն արիւնոտ էջերը կազմող արարքներուն ընթացքին, ինչ որ մինչեւ այսօր վերջինս կը ժխտէ, հակառակ ՄԱԿ¬ի 1948 թուականի Ցեղասպանութեան մասին ուխտի երկրորդ յօդուածի կետերուն», նշած է Օրթեկան:

Յանձնախումբի նախագահը յայտնած է, թէ կը միանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած պետութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն:

«Իբրեւ Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ, կը միանամ աւելի քան երեսուն պետութիւններուն, Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին, գիտնականներուն, մտաւորականներուն, անհատներուն` դատապարտելով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան ոճիրը եւ մերժելով այս յանցագործութեան ու պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրման ուղղուած ժխտողականութեան որեւէ փորձ», շեշտած է Տանիէլ Օրթեկա:

Ան նշած է, որ Օսմանեան կայսրութեան անկումը Թուրքիոյ մէջ աւելի լայնածաւալ դարձուցած է քրիստոնէական յառաջադէմ եւ պահանջատիրական համայնքներու դէմ ամբոխավարական արշաւը: «Հայաստան առաջին երկիրն էր, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, հռոմէական տիրապետութեան ժամանակներէն ի վեր` դիմակայելով իսլամութեան տարածման, իրեն յարող տարածքներուն մէջ, բացառութեամբ ուղղափառ Վրաստանի: Օսմանեան կայսրութեան անկումը, պայմանաւորուած զինուորական շարունակական պարտութիւններով, սաստկացուց քրիստոնէական յառաջադէմ եւ պահանջատիրական համայնքներու դէմ ամբոխավարական արշաւը:

«Թրքական անարդար օրէնքներու եւ բարձր հարկերու դէմ հայ ազգաբնակչութեան բողոքներու եւ ապստամբութիւններու իբրեւ հետեւանք թուրք մահմետականներու շրջանակին մէջ հայերու հանդէպ անվստահութիւնը իտէալական իրավիճակ ստեղծած էր հայերը բնաջնջել ուզողներուն համար, որոնք փորձեցին կատարել ատիկա` վերը նշուած հետեւանքները արձանագրելով», նշած է Օրթեկան:

Նշենք, որ Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանը ստեղծուած է 1991 թուականին, կեդրոնատեղին կը գտնուի Կուաթեմալայի մայրաքաղաք Կուաթեմալայի մէջ է: Մաս կը կազմէ Կեդրոնական ամերիկեան պետութիւններու համարկման համակարգին: Միապալատ օրէնսդիր մարմինը բաղկացած է անդամ պետութիւններու` Կուաթեմալայի, Սալվատորի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի, Փանամայի եւ Տոմինիքեան հանրապետութեան 120 պատուիրակներէն: Խորհրդարանին մէջ դէտի կարգավիճակ ունին Մեքսիքան, Փորթօ Ռիքոն, Մարոքը, Թայուանը եւ Վենեզուելան:

 

 

Նախորդը

Կը Նախատեսուի, Որ Կառավարութիւնը Այսօր Վաւերացնէ Իր Մշակած Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.