Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ 100 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՑՆԻԼԸ

January 11, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յովհաննէս Սահակեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան անկարելի նկատեց 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնիլը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ իրաւական տեսանկիւնէն: Ըստ անոր, իրաւական տեսանկիւնէն  պէտք է փոփոխութիւն մտցնել թէ՛ սահմանադրութեան եւ թէ՛ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ, իսկ ատիկա ժամանակի առումով անկարելի է: Հանրապետական պատգամաւորը նշեց, որ քաղաքական պատճառը աւելի ծանրակշիռ եւ հիմնարար է:

«Ընդդիմութեան ներկայացուցած փաստարկները ծանրակշիռ չեն եւ այն հիմնական խնդիրները չեն, որպէսզի անցնինք 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին», յայտարարեց Սահակեան եւ նշեց քանի մը երկիրներ, ուր 100 առ հարիւր մեծամասնական ընտրակարգ որդեգրուած է:

Ըստ պատգամաւորին, խնդիրը ընտրական համակարգի կայացուածութիւնն է: «Մեր տիպի երկիրներուն մէջ մեծամասնական ընտրակարգը աւելի շատ կ՛ապահովէ ներկայացուածութեան խնդիրը», յայտարարեց Սահակեան:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն դիտարկումին, որ մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած բազմաթիւ պատգամաւորներուն ընտրողը նոյնիսկ չի ճանչնար, անոնք Ազգային ժողով չեն երթար, Սահակեան խնդրեց հարցը չանձնականացնել:

երէկ հայրենի թերթերէն մէկուն մէջ տարածուեցաւ տեղեկութիւն մը, թէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կը պատրաստուի վերատեսութեան ենթարկել ընտրատարածքներու քարտէսները, եւ ընտրատարածքները պիտի յարմարին Հանրապետական կուսակցութեան շահերուն` անոր մեծամասնական թեկնածուներուն յաղթանակը ապահովելու համար:

Հանրապետական պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան անդրադառնալով այս տեղեկութեան` կէս կատակ-կէս լուրջ նշեց, որ երկրագունդը կը դառնայ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան շուրջ:

«Ես ուրախ եմ, որ երկրագունդը կը դառնայ Հանրապետական կուսակցութեան շուրջ, բայց թերեւս փոփոխութենէն շահին այլ քաղաքական ուժեր», ըսաւ ան եւ նշեց, որ քանի տակաւին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը չէ հաստատած այդ փոփոխութիւնը, ապա տեղեկութիւնը զուտ զգայացունց ըլլալ հետապնդող լուր է:

Նախորդը

«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԹՈՒՐՔ-ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ «ՀԱՄԱԵՒՐՈՊԱԿԱՆԱՑՈՒՄ» ԹՈՅԼ ՊԻՏԻ ՉՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊՈՒԶԵՔ

Յաջորդը

ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.