Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր շեշտեց, որ Լոնտոն կը զօրակցի Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի հոգեւոր պետերուն ուղղուելու շինիչ երկխօսութեան:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր, որ պատրիարքին հետ քննարկեց երկրին դիմագրաւած տնտեսական հարցերը:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Պաթրունի թաղապետերն ու Ազատութեան ճակատի նախագահ Ֆուատ Ապի Նատերը:


