Թուրքիոյ մէջ, 2010-էն ի վեր ապրիլ 24-ին կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը: Այս տարի, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, այդ նշումը տեղի պիտի ունենայ առցանց: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը` յղում կատարելով «Ակօս» թերթին:
Թրքական «ՏուրՏէ» (Ո՛չ ըսէ ազգայնամոլութեան) հասարակական կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ տեղական ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսող ոգեկոչման ձեռնարկին կարելի է հետեւիլ առցանց:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Նոր զարթօնք» երիտասարդական կազմակերպութիւնը կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած 22-24 ապրիլ երկարող առցանց տեսախորհրդաժողով մը: Այս մասին հաղորդեց «Կազեթէ Քարընճա» պարբերականը:
Տեսախորհրդաժողովը երկլեզու է` հայերէն եւ թրքերէն:
Տեսախորհրդաժողովի ընթացքին պիտի յարգուի նաեւ 2011 թուականին թրքական բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ սպաննուած հայազգի Սեւակ Պալըքչըի յիշատակը:



