Լիթուանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու խմբակի ղեկավար Կուոտա Պուրոքիենէ ուղերձ յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի առիթով:
«Իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ին, արդէն աւելի քան հարիւր տարի շարունակ, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը եւ ամբողջ յառաջադէմ հասարակութիւնը կ’ոգեկոչեն տխուր օր մը` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը: 1915-1916 թուականներուն շուրջ 1,5 միլիոն հայեր զանգուածային կոտորածներու եւ տեղահանութիւններու զոհը դարձան: Ատիկա 20-րդ դարու մեծագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն էր, որ անթիւ կորուստներ պատճառեց ամբողջ հայ ազգին: Այս ողբերգութիւնը, բայց եւ այնպէս, չէ մոռցուած:
«Լիթուանիան, բազմաթիւ այլ երկիրներու պէս, ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը: Մարդկութիւնը պէտք է տեղեկացուած ըլլայ այս ողբերգութեան մասին, որպէսզի չարտօնէ նման պատմութեան կրկնութիւնը: Հայերը, որոնք այս ողբերգութեան պատճառով սփռուեցան ամբողջ աշխարհի վրայ, կը կառուցեն աշխուժ համայնքներ, որոնք ամուր կապեր կը հաստատեն եւ վառ կը պահեն իրենց պատմութիւնը:
«Համաճարակի դէմ համաշխարհային պայքարի եւ ընկերային մեկուսացման այս դժուար պայմաններուն մէջ մենք պէտք է պահպանենք միութիւն, ցուցաբերենք միջազգային համերաշխութիւն եւ վառ պահենք մեր պատմական յիշողութիւնը: Օգտուելով առիթէն` իմ սիրելի՛ ընկերներ, կը յղեմ ամուր առողջութեան, յոյսի եւ համբերութեան մաղթանքներս», նշուած է ուղերձին մէջ:



