Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օնթարիօ Նահանգի Վարչապետը Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով Յայտարարութիւն Կատարած Է

April 24, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ֆորտ իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ կը սգայ զոհերուն համար եւ կը յիշէ անոնք, որոնք արտաքսուած են իրենց տուներէն:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է ողջունել հայ համայնքի անդամները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը յարգեն 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Ես կ’ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել Թորոնթոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յանձնախումբին` այս կարեւոր իրադարձութեան մասին իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու համար:

«Այսօր մենք կը յարգենք Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը: Մենք կը սգանք անոնց համար, որոնք ողբերգական կերպով զոհուած են պատմութեան այդ մութ ժամանակահատուածին մէջ, եւ կը յիշենք անոնք, որոնք արտաքսուած են իրենց տուներէն: Այս հանդիսաւոր ձեռնարկը խիստ կը յիշեցնէ հետագային այնպիսի աշխարհ կառուցելու անհրաժեշտութեան մասին, որ զերծ է բռնութենէ եւ անարդարութենէ: Ես ասիկա ձեզի կ’ըսեմ, իբրեւ նահանգի վարչապետ, որ կ’արժեւորէ բազմազանութիւնը եւ մեծ նշանակութիւն կու տայ խաղաղ ու ներդաշնակ հասարակութեան ստեղծման», ըսած է Օնթարիօ նահանգի վարչապետը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Առցանց Ձեռնարկներ

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանի Համար Ընդունելի Չեն Մինչեւ 2018 Ներկայացուած` Փուլային Տարբերակ Ենթադրող Առաջարկները»

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.