————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ ընկերներէն`
ԱՒՕ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր անդամներէն`
ԱՒՕ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Էյպէզի հայրենակցական միութիւնը կը գուժէ իր անդամներէն`
ԱՒՕ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը գուժէ իր շրջանի Ազգային Կիլիկեան վարժարանի հոգաբարձութեան նախկին ատենապետին`
ԱՒՕ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիւզան Հաւունճեան-Տօնիկեան
Տէր եւ տիկին Առաքել եւ Շաքէ Տօնիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Շուշան Տօնիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանասէ եւ Ալիս Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Կարինէ Աւետիսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մկրտիչ եւ Օֆէլի Տիւտիւքճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվա Սէօքիւնեան եւ զաւակունք
Օրդ. Նուէր Հաւունճեան
Տօնիկեան եւ Հաւունճեան ընտանիքներ
Կրակեան եւ Մարաշլեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Աւետիսեան ընտանիքներ
Տիւտիւքճեան եւ Սէօքիւնեան ընտանիքներ
Քերթէնեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱՒՕ ՏՕՆԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2020-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի խորհրդատու մարմինը,
Ճինիշեան ընկերակցութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը այսու կու գան խոր ցաւով գուժել մահը`
ՏՈՔԹ. ՌՈԲՈՎԹ ՏԻՄՈԹԷՈՍ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆի
Որ իր սիրելի բժշկապետ Յիսուս Փրկչին միացաւ 11 ապրիլ 2020-ին, Փասատինայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
1957-էն ի վեր, զուգահեռ իր բժշկական ծառայութիւններուն, ան եղաւ սրտակից բարեկամը անկարին, խորհրդատուն հայ պատանիին ու երիտասարդին, նուիրեալ, անխտրական, ազգասէր հոգեւոր առաջնորդը` Աստուծոյ բոլոր զաւակներուն:
Առ այդ, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի զանազան յանձնախումբերուն մէջ ծառայելը առանձնաշնորհում նկատեց` ինչպէս մանկամսուրի, բժշկական եւ յատկապէս իբրեւ Լիբանանի Խորհրդատու մարմինի անդամ, ապա ատենապետ` լիբանանեան 15-ամեայ եւ յետպատերազմի դժուար տարիներուն: Միեւնոյն ատեն Ճինիշեան հիմնադրամի խնամատար` Ամերիկայի Երիցական եկեղեցիին շաղկապը հանդիսացաւ Միջին Արեւելքի տնօրէն` պրն. Հայկ Թիլպեանի հետ: Ան նաեւ քաջալերական դերակատարութիւն ունեցաւ իբրեւ լիբանանեան բարեսիրական հաստատութիւն Ճինիշեանի ճանաչումի աշխատանքներուն մէջ:
Քրիստոս, Իր օրհնութիւնները հայ ազգի ամենաչքաւոր զաւակներուն բաշխեց այս համեստ, անձնազոհ ու ազգանուէր վկային միջոցով:
Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը մեր բոլորին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

