8 ապրիլի դրութեամբ Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրի 28 նոր դէպք` 311 քննութենէ: Առողջացած եւ տուն վերադարձած է 27 քաղաքացի` բուժուածներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 114-ի, հիւանդանոցը կը գտնուին 758 հիւանդներ, որոնց շուրջ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի:
Հայաստանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը պահպանուի: Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ` «Քորոնա» ժահրի գագաթնակէտը յաղթահարած ենք, անիկա արձանագրուած է մարտի 31-ին:



