Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին համաձայն, 5 ապրիլի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրէ վարակուած 52 նոր պարագայ` այսպիսով ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 822-ի:
Ներկայ դրութեամբ բուժում կը ստանան 758 վարակակիրներ, իսկ ապաքինածներուն թիւը 57 է: Ցարդ մահացած է 7 անձ:



