Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերքուեցաւ Հայկական Ուժերուն Կողմէ Ազրպէյճանի Ուղղութեամբ Կրակ Բանալու Ապատեղեկատուութիւնը

Ապրիլ 4, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ազրպէյճանի պաշտօնական տեղեկատուական հարթակներուն տարածած տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, իբր թէ, հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ազրպէյճանական գիւղերու, դիրքերու, փոխադրամիջոցներու եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող Արցախի քաղաքացիներուն ուղղութեամբ:

Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան, որ հաստատեց, թէ ազրպէյճանական հերթական  կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւնները են ասոնք: Անոր համաձայն`  Ազրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնը ապրիլ 1-ին, ապա նաեւ ապրիլ 3-ին նոյնաբովանդակ անհիմն տեղեկութիւններ տարածեց` իբր թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ազրպէյճանական ուղղութեամբ:

Ան դիտել տուաւ, որ այսպիսով, ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ քօղարկել սեփական գործողութիւնները, որոնց նպատակն է ապակայունացնել իրավիճակը սահմանին վրայ: Նմանաբովանդակ տեղեկատուական նախապատրաստական աշխատանք տարուած է 30 Մարտին չյաջողած հետախուզական-ներթափանցման փորձէն առաջ:

«Կը վերահաստատենք, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին մէջ իրավիճակը հանգիստ է: Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի դիմեն միայն համարժէք քայլերու», գրեց խօսնակը:

 

Նախորդը

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը Կ՛օժանդակէ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

Յաջորդը

Արցախի Ընտրութիւնները Չճանչցող Երկիրները Կը Դաւաճանեն Ժողովրդավարական Արժէքներուն Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?