Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՖԵՆԻՍԻԱ»-Ի ՄԷՋ «ՆԵՐԿԱՅ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ՃՇԳՐԻՏ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ Չ՛ԱՊԱՀՈՎԵՐ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

January 10, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդաժողովին ներկաները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի մշակման նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, մեծ թիւով նախարարներ, ինչպէս նաեւ պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին նախարար Փանոս Մանճեան, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:

Խորհրդաժողովին ընթացքին իր  արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման ընդգծեց Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ ընտրական ներկայ օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ ազգային համերաշխութիւն չ՛ապահովեր:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կը հակադրուի լիբանանեան ազգային գոյակցութեան եւ ուխտին հետ:

Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց, որ ներկայ ընտրական օրէնքը խորացուցած է համայնքային խտրութիւնը, ինչպէս նաեւ ստեղծած է այնպիսի մթնոլորտ մը, որուն ծիրին մէջ շեշտուած են յարանուանական գրգռութիւնները եւ խոչընդոտուած են իսկական փոփոխութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք չէ խզէ լիբանանեան ազգային որոշ սկզբունքներ, բայց եւ այնպէս պէտք է նաեւ հիմնուած ըլլայ ժողովրդավարական նորութիւններու եւ փոփոխութիւններու վրայ:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել ներկայացուց ներքին գործոց նախարարութեան մշակած օրինագիծը` աւելցնելով, որ անտրամաբանական է սպասել ընտրութիւններուն թուականին` վաւերացնելու համար այդ օրէնքը:

Շարպել յայտնեց, որ դէպի համամասնական դրութիւնը անցնելու հանգրուանը անհրաժեշտ է եւ անիկա միակ մուտքն է դէպի քաղաքական եւ ազգային աշխուժ կեանք:

Շարպել ըսաւ, որ երկրին մէջ քաղաքական սուր երկփեղկումին կարելի է վերջ տալ միայն քաղաքական կեանքին մէջ նոր ուժեր ընդգրկելով եւ այդ մէկը կարելի է իրականացնել ընտրական արդի օրէնքով մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:

Խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի տնօրէն Ռոպըրթ Ուաթքինզ, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնքին բարեկարգումը առաւելագոյն չափով կարեւոր է:

 

Նախորդը

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ԿՈՅՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՋՈՒՐԻ ԶՏԱՐԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ

Յաջորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ԺԽՏՈՒՄԻ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ` ՊԱՔՈՒԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.