Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Երրորդ Թիւը

March 28, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի երրորդ թիւը: Պաշտօնաթերթի առաջնորդողը` Վաչէ Բրուտեանի հեղինակութեամբ, կ՛անդրադառնայ փետրուարին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին: Լուսարձակի տակ առնելով խորհրդաժողովին քննարկած հարցերը` Վաչէ Բրուտեան համառօտ կերպով կը ներկայացնէ այն կարեւոր ազգային առաջնահերթութիւնները, որոնց լուծման ուղղութեամբ ամէնօրեայ ջանքեր կը տանին Հայ դատի աշխարհասփիւռ կառոյցները:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի առաջադրած նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձ կը կատարուի անցած նախընտրական ժամանակահատուածին, կը ներկայացուին այն կատարուելիք աշխատանքները, որոնք կը հանդիսանան ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրներու հիմքը:

«Դրօշակ»-ի երրորդ թիւին մէջ կարելի է նաեւ գտնել Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան, Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու հարցերուն նուիրուած հրապարակումներ, գաղափարական ուղղուածութեան նիւթեր:

«Տարածաշրջանային» եւ «Աշխարհաքաղաքական» խորագիրներուն տակ կարելի է գտնել մեկնաբանութիւններ Հայաստանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն որդեգրած քաղաքականութեան, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քաղաքական ոչ միանշանակ վարքին, հայութեան հետաքրքրութիւններու տեսանկիւնէ Եգիպտոսի անցեալին ու ներկային մասին:

Անպայման իրենց տեղը ունին նաեւ պատմական անցքերը: Նորայայտ իրողութիւններու լոյսին տակ անդրադարձ կը կատարուի 16 մարտ 1921-ին կնքուած Ռուս-թրքական հակահայ պայմանագիրի դրոյթներուն:

«Դրօշակ»-ի թիւը կարելի է կարդալ այցելելով droshak.am կամ ներբեռնել հետեւեալ հասցէով. https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2020/03/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-3-2020%D5%A9.pdf

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. 27 Մարտի Տուեալներով` 28 Բուժուած

Յաջորդը

Ժամացոյցի Սլաքները Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.