Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Շարունակէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը` Հակակշիռի Տակ Պահելով «Քորոնա» Ժահրէն Վարակուածներու Պարագաները

Մարտ 18, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր զօրաշարժի մթնոլորտը կը շարունակէ պարտադրել ինքզինք:

Իր առօրեայէն դժգոհ եւ իր «Քորոնա» ժահրով վարակուելու տիրական մտահոգութենէն տառապող լիբանանցին երէկ աւելի դիւրաւ շարունակեց մնալ իր բնակարանը` նկատի ունենալով անձրեւոտ եղանակը:

Հակառակ «Քորոնա» ժահրին ստացած համաշխարհային համաճարակի կարգավիճակին, Լիբանանի մէջ կացութիւնը մնաց հակակշիռի տակ: «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը մնաց 120, ինչպէս որ էր նախանցեալ օր:

Կէս գիշերին Լիբանանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներէն մէկուն մահը` Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացողներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 4-ի:

«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ մահացողը Իտալիայէն Լիբանան վերադարձած վանականին հայրն է:

Նոյն կայանին համաձայն, վանականը «Քորոնա» ժահրով վարակուած էր Իտալիոյ մէջ եւ Լիբանան վերադառնալէն ետք ժահրը փոխանցած էր իր ընտանեկան պարագաներուն:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն օժանդակութեան համար հանգանակութեան ֆոնտ մը հաստատելու քայլին պատճառը Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական դժուար կացութիւնն է:

Հասան շեշտեց, որ կան երեք հաշիւներ, որոնցմէ առաջինը Կեդրոնական դրամատան մէջ է` կառավարութեան անունով, երկրորդը` Պանք Մետի մէջ` առողջապահութեան նախարարութեան անունով, իսկ երրորդը` Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին անունով:

Հասան նկատել տուաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւ ապա բուժուած պարագաներու իմաստով լաւատեսութիւնը պէտք է իր չափին մէջ նկատի առնուի եւ պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերուի:

Ան հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լուրջ աշխատանք կը տարուի եւ անիկա լաւ թափով կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ պէտք է մնալ կառավարութեան որդեգրած նախազգուշական միջոցառումները կիրարկելու սահմաններուն մէջ, որպէսզի աւելի լուրջ կացութեան դէմ յանդիման չգտնուինք:

Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէնէն աւելի կրցաւ հակակշիռի տակ պահել «Քորոնա» ժահրով վարակուելու հաւանականութիւնը, «սակայն պէտք է զգուշ ըլլալ եւ նոյն զգուշաւորութեամբ շարունակել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ թօթափել համաշխարհային այս համաճարակին սպառնացած վտանգը», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, Հասան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի բժիշկներուն հետ:

Հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 4 պարագաներ արդէն իսկ բուժուած են:

Հասան ընդգծեց, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի պաշտօնեաներուն իրաւունքը պահպանուած է օրէնքով, եւ այդ իրաւունքը պէտք է տրուի իրաւատէրերուն:

Հասան շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ոեւէ պարագայի բուժման երաշխիքը հիւանդին հանդէպ ցուցաբերուած հետեւողական խնամքն է:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի անձնակազմը կոչ ուղղեց արագացնելու առողջապահութեան նախարարին որոշումներուն գործադրութիւնը, յատկապէս անձնակազմին ամսական աշխատավարձին վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, հիւանդանոցը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու յատուկ ֆոնտին նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Կեդրոնական դրամատան մէջ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին անունով բացուած եւ 719041200 թիւը կրող հաշիւին:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ ընդգծեց, որ պատկերասփիւռի կամ տեղեկատուական որեւէ մարզի մէջ հարցազրոյց կատարել փափաքող ոեւէ բժիշկ պէտք է նախապէս իրմէ արտօնութիւն ստանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել ժողովուրդին ներկայացուող անճիշդ տեղեկութիւնները, որոնք իրարանցում կը պատճառեն եւ խուճապի կ՛ենթարկեն քաղաքացիները:

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ մինչեւ 29 մարտ 2020 դրամատուները փակ պահելու վերաբերող հարցը, որ Ուազնիի կողմէ կտրականապէս մերժուեցաւ:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ այսօրուընէ սկսեալ դրամատուներու կարգ մը մասնաճիւղեր բաց պահել` ծառայելու համար ժողովուրդի կարիքներուն:

Զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ հաստատեց, որ ճաշարաններուն, զբօսաշրջութեան յատուկ հաստատութիւններուն, հնութեան վայրերուն, քարայրներուն, չմշկելու յատուկ վայրերուն, սրճարաններուն, թէյարաններուն, գինետուներուն, կլկլակի յատուկ վայրերուն, անուշավաճառներուն, գիշերային զբօսավայրերուն, ինչպէս նաեւ հարսանիքի եւ խորհրդաժողովի սրահներուն փակ մնալու դրութիւնը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 29 մարտ 2020:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ ճաշի առաքումի պարագան կը մնայ արտօնելի, պայմանով որ ճաշարանները յարգեն ու պահպանեն առաքումը կատարելու առողջապահական չափանիշները:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն դասաւանդումի յատուկ յայտագիրներ սփռել` պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւն ունեցող յատուկ դասարաններու աշակերտութեան համար` պետական քննութիւններուն ներկայանալու իբրեւ նախապատրաստութիւն:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շարքերուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է:

Ան աւելցուց, որ զօրանոցներուն մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու խիստ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Որոշեց Քաղաքապետարաններուն Մէջ Տագնապի Յատուկ Բջիջներ Յառաջացնել` Ընդառաջելու Համար Ժողովուրդին Պահանջներուն

Յաջորդը

«Գորշ Գայլեր»-ը Թալէաթի Յիշատակման Արարողութիւն Կատարած Են

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?