Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով ամբաստանուած եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ձերբակալուած Ամեր Ֆախուրի, որ ամիսներ առաջ Միացեալ Նահանգներէն եկած էր Լիբանան, նախանցեալ երեկոյեան ազատ արձակուեցաւ:
Զինուորական ատեանի նախագահ գնդապետ Հիւսէյն Ապտալլա նախանցեալ օր արձակեց վճիռ մը, որուն հիման վրայ պէտք էր վերջ տրուէր այն հետապնդումներուն, որոնք կը վերաբերէին ձերբակալեալ Ամեր Ֆախուրիին` նկատի ունենալով լիբանանցի քաղաքացիներ առեւանգելու եւ Խիամի բանտին մէջ զանոնք բանտարկելու ու տանջանքի ենթարկելու արարքները, որոնց պատճառով այդ արգելափակեալներէն երկուքը մահացած են:
Վճիռին մէջ նշուեցաւ, որ Ֆախուրիին վերագրուող այս արարքները, որոնք կատարուած են 1998-ին, չեղեալ կը նկատուին` նկատի ունենալով, որ անոնք արդէն իսկ երկու տասնամեակ շրջանցած են, ինչպէս նաեւ կը պահանջուի զայն անմիջապէս ազատ արձակել, եթէ ան այլ հարցերով չէ արգելափակուած:
Վերադատ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ ժամեր ետք պահանջեց Ամեր Ֆախուրիի թղթածրարը` վերատեսութեան ենթարկելու համար անոր մասին Զինուորական ատեանին արձակած վճիռը:
Իսկ ուշ գիշերին Զինուորական ատեանի արձակած վճիռին դէմ բողոքի իբրեւ քայլ կարգ մը ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Պրիթելի ճամբան:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Ղասսան Խուրի երէկ Զինուորական վերադատ ատեանէն պահանջեց տրուած վճիռը վերատեսութեան ենթարկել եւ Ամեր Ֆախուրիի դէմ բերման գիր արձակել, որպէսզի ան դարձեալ ձերբակալուի եւ դատավարութեան ենթարկուի իր գործած յանցանքներուն համար:
Մինչ կարգ մը տեղեկութիւններ հաստատեցին, որ Ամեր Ֆախուրի արդէն իսկ Լիբանանէն մեկնած է` իր ազատ արձակումի վճիռին արձակումէն ետք, կարգ մը այլ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան տակաւին կը գտնուի Լիբանանի մէջ:
Այս իրականութիւնը նկատի ունենալով Նապաթիէի անմիջական հարցերու դատախազ Ահմետ Մըզհեր երէկ հրապարակեց դատական որոշում մը, որուն հիման վրայ Ամեր Ֆախուրիի լիբանանեան հողերէն հեռացումը` օդային, ծովային թէ ցամաքային առումով, կ՛արգիլուի երկու ամսուան համար:
Հըզպալլա նախանցեալ երեկոյեան դատապարտեց Ամեր Ֆախուրիի ազատ արձակման վճիռը:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ամեր Ֆախուրիի ձերբակալուած օրէն իսկ ամերիկեան ճնշումներ բանեցուեցան` անոր ազատ արձակումին նպատակով:
Միացեալ Նահանգներ գաղտնի եւ բացայայտ շարք մը սպառնալիքներ ուղղեցին` ստիպելու համար ոճրագործ Ֆախուրիի ազատ արձակումը:
«Ցաւ ի սիրտ կը յայտնենք, որ Ֆախուրին ազատ արձակելու նպատակով ամերիկեան ջանքերը յաջողութեամբ պսակուած են` շրջանցելով արդարութիւնը եւ Ֆախուրիի գործած ոճիրներէն տուժած ու հարազատներ կորսնցուցած ընտանիքներուն ցաւերը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ այսօր Լիբանանի եւ արդարութեան համար տխուր օր է` աւելցնելով, որ այդ վճիռը ցասումի եւ դատապարտումի արժանի է:
«Աւելի վայել էր Զինուորական ատեանի նախագահին եւ ատեանի անդամներուն իրենց պաշտօններէն հրաժարիլ` ամերիկեան ճնշումներուն ենթարկուելու փոխարէն: Լիբանանեան դատական իշխանութիւնները իրենց վարքն ու պարկեշտութիւնը վերականգնելու կարիք ունին` պաշտպանելու համար լիբանանցիներուն, յատկապէս իրենց հողերուն ազատագրութեան համար նահատակուած եւ զոհուած լիբանանցիներուն իրաւունքները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Ամեր Ֆախուրիի գործած ոճրային արարքները ո՛չ երկար ժամանակ անցընելու եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ օրէնքով կարելի է չեղեալ նկատել:
«Ամալ շարժումը կը մերժէ Ֆախուրիի ազատ արձակումին որոշումը եւ դէմ պիտի դնէ անոր», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտուեցաւ Ամեր Ֆախուրիի ազատ արձակումը` պահանջելով սրբագրել այդ ոճրագործին դէմ արձակուած անարդար վճիռը:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հակառակորդ քաղաքական ուժեր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ արշաւի մը սկսան` հաստատելով, որ ան յանձնառութիւն յայտնած է Ամեր Ֆախուրիին զօրակցելու եւ անոր նեցուկ կանգնելու իմաստով:
Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այդ ապատեղեկատուութիւնը` հաստատելով, որ Պասիլ Ֆախուրիին ծանօթ չէ, եւ ընդգծելով, որ սուտերու այդ արշաւին նպատակն է Պասիլի վարկը ոտնահարել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պասիլ իր մասին անճիշդ տեղեկութիւններ հրատարակող լիբանանեան օրաթերթին դէմ դատական հայց պիտի ներկայացնէ: