Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդլայնուած Նիստ` Ներկայ Պայմաններու Դիմագրաւման Օրակարգով

Մարտ 18, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հրաւէրով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ընդլայնուած նիստ` «Քորոնա» ժահրի ստեղծած իրավիճակի, անոր կանխարգիլման նպատակով տրուելիք որոշումներու եւ ընկերաբժշկական կեդրոնները այս տագնապին ընդառաջ  աշխուժացնելու նպատակով:

Նիստին, զոր վարեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հրաւիրուած էին երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար  Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան եւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի ատենապետ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան:

Ներկայացուեցան զեկուցումներ իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատուի կողմէ մինչ այժմ տարուած աշխատանքներուն մասին: Յետ քննարկման արձանագրուեցաւ`

Ա.- Շարունակել քաղաքապետարանին կողմէ յաճախակի կշռոյթով շրջանի հաւաքատեղիներուն հականեխման աշխատանքները:

Բ.- Իրազեկման, զգուշացման եւ կանխարգիլման լայնածաւալ արշաւներուն մէջ ներգրաւել միութիւնները` առաւելագոյնս տեղեկացուած պահելու համար լիբանանահայ հանրութիւնը:

Գ.- Յատուկ ուշադրութեան կեդրոն դարձնել տարեց խաւը եւ բժշկական այցելութիւններով քննել անոնց առողջական վիճակը` կանխաւ ախտաճանաչումներ կատարելու նպատակով:

Ե.- Պուրճ Համուտին առընթեր աշխատանքային միջավայր նկատի ունենալ նաեւ Այնճարն ու հայաշատ շրջանները, ինչպէս հականեխման, այնպէս նաեւ իրազեկման եւ կանխարգիլման արշաւներ կազմակերպելու համար:

Զ.- Ընկերային օժանդակութիւններու կազմակերպման ընթացքին բարեսիրական միութիւնները մղել, որ իրե՛նք հասնին կարիքաւորին` խուսափելու համար հաւաքավայրեր ստեղծելու առիթներէն:

Նիստը որոշեց յաւելեալ կեդրոններու ներկայացուցիչներու ներգրաւումով ընդլայնուած նիստեր կազմակերպել եւ այս աշխատանքները   համակարգելու եւ կիրարկելու համար յառաջացնել  յատուկ շտապ մը:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողներուն

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?