Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներհայաստանեան իրադարձութիւններու թէժացումը կը թուի պայմանաւորուած ըլլալ քանի մը ուշագրաւ հանգամանքներով:

Ա.- Ուաշինկթընեան հռչակագիրէն եւ այնտեղ կայացած պայմանաւորուածութիւններէն ետք, ընդդիմադիր դաշտին նկատմամբ իշխանութիւններուն առած քայլերն ու բռնաճնշումները նոր թափ հաւաքած են: Այս կը նշանակէ, որ նոյեմբեր 9-ի վերափոխումը օգոստոս 8-ի, ուղղակի-անուղղակի մղիչ գործօն հանդիսացած է այս քաղաքականութեան կոշտացումին:

Բ.- 2026-ի համապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, ընդդիմադիր դաշտը բաղկացնող հիմնական ուժերը հարուածելն է, չէզոքացնելն է: Պարզ է, որ իշխանութիւններուն վարկանիշը բաւական ցած է, եւ գրեթէ համատարած համոզում է, որ գործող իշխանութիւնները կայուն մեծամասնութիւն չեն կրնար ապահովել առանձին:

Գ.- 2-րդ նախագահին յայտարարելը, որ վճռած է մասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, եւ «Մեր ձեւով» շարժումի իբրեւ կուսակցութիւն վերափոխման որոշումը, իշխանափոխութեան առաջնորդող ընդհանուր շարժումին նոր ռազմավարութեան մասին կը յուշեն:

Դ.-  Ընդդիմադիր դաշտը եթէ յաջողի խորհրդարան մուտք գործել դաշինքներով ու կուսակցութիւններով եւ եթէ մանաւանդ ունենայ կամքը միաւորուելով իրավիճակ ստեղծելու Ազգային ժողովին մէջ, ապա խիստ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ իշխանութիւններուն պաշտօնավարումը:

Ե.- 2026-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ երկու գլխաւոր քաղաքներու քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները լուսարձակի տակ պէտք է առնել: Անոնք ցուցանիշ կրնան ըլլալ խորհրդարանականի պարագային: Երկուքին ալ պարագային գործող իշխանութիւնները չունեցան մեծամասնութիւն եւ չյաջողեցան միայնակ կազմել աւագանի: Երեւանի պարագային մէկ ուժին ընտրական ժողովին չներկայանալը նպաստեց այսօրուան քաղաքապետի ընտրութեան: Միւսին պարագային, ընդդիմադիրներուն միաւորումը տապալեց ընտրութիւններուն յառաջատար ուժը: Ընդդիմութիւնը ստանձնեց քաղաքային իշխանութիւնը:

Զ.- Գիւմրին այս առումով կրնար մանրանկար հանդիսանալ եւ յուշել բոլորին, որ ինչպէ՛ս կարելի է կայացնել իշխանափոխութիւնը: Գիւմրիի օրինակը բնականաբար խոր մտահոգութիւն ստեղծած էր  գործող  իշխանութիւններուն մօտ: Չէր բացառուեր, որ Գիւմրիի ընդդիմադիր ուժերու միաւորման մէջ մեծ էր դերակատարութիւնը հոգեւոր առաջնորդին, որ յաջողած էր իրերամերժ կողմեր բերել նոյն քաղաքական խրամատին մէջ պայքարելու համար քուէով յառաջատար ուժին դէմ:

Գիւմրիի օրինակը ուրեմն կրնար համապետական տարածականութիւն ապահովել: Անհրաժեշտ էր ջլատել այդ հաւանականութիւնը: Հոգեւոր առաջնորդը յայտնուեցաւ բանտ, իսկ քաղաքապետը երէկ ձերբակալուեցաւ:

Անկախ անձերէն, միաւորուիլը, ներընդդիմադիր դաշտին մէջ զիջումներ կատարելը եւ իշխանութիւններու տապալումին համար բոլոր տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնելը հրամայական է: Հակառակ Ուաշինկթընէն ետք բռնամիջոցներու քաղաքականութեան նոր թափ հաւաքելուն:

Հակառակ երէկուան դէպքերուն, իշխանափոխութիւն առաջադրած բոլոր ուժերը պարտին շարժիլ Գիւմրիի օրինակով, ամիսներ ետք իրականացնելու համար յայտարարուած առաջադրանքը:

«Ա.»

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (20 Հոկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?