Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուսթինի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ երկու շաբաթով սահմանափակելու ուղեւորներու փոխադրութիւնը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ` ապահովելով երկու երկիրներու քաղաքացիներուն վերադարձը: Պիտի պահպանուի բեռներու փոխադրութեան անխափան հոլովոյթը: