Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 13 մարտին ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումով ստեղծուած իրավիճակին մասին: Դեսպան Լաքոթ ներկայացուց Ֆրանսայի մէջ իրավիճակն ու ձեռնարկուող քայլերը: Անդրադարձ կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ հաւանական համագործակցութեան:
Խօսելով երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ծրագիրներուն մասին` հանրապետութեան նախագահը եւ դեսպանը մասնաւորապէս հեռանկարային նկատեցին գործընկերութիւնը նորագոյն արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ: Այդ պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ATOM (Advanced Tomorrow) նախագահական նախաձեռնութեան: Նշուեցաւ, որ ֆրանսական քանի մը հանրայայտ ընկերութիւններու հետ յառաջիկային պիտի ստորագրուին փոխըմբռնման յուշագիրներ, իսկ ուրիշներ արդէն իսկ ձեռք բերած են նախնական պայմանաւորուածութիւններ:
Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ նորագոյն արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ Ֆրանսայի գիտական եւ կրթական հաստատութիւններուն հետ համագործակցութեան կարելիութիւններուն մասին:



