13 մարտին` ժամը 12:00-12:30-ին, Իջեւանի ուղղութեամբ թշնամին գնդացիրով կրակ բացաւ հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ` խախտելով զինադադարի պահպանման դրութիւնը: Կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք ոեւէ վնաս չէ արձանագրուած, տուժողներ չկան: Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան` հաստատելով, որ երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ ազրպէյճանական կողմին տարածած այն լուրերը, թէ հայկական զինուժը կրակ բացած է Ազրպէյճանի Ապասպէյլի գիւղին ուղղութեամբ:
Ստեփանեանի համաձայն, թշնամիին կրակոցները լռած են հայկական կողմին պատասխան կրակոցներէն ետք:



