Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահէն

March 14, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որմէ ստացաւ նամակ մը` յղուած Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն:

Հանդիպումէն ետք Ալաուի յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահական պալատի նամակին նպատակն էր եթովպիական ամբարտակին մասին բանակցութիւններու սառցահալ կատարել:

Ալաուի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Ալաուի նշեց, որ նախագահ Աուն իր կարգին Սիսիին յղեց բերանացի նամակ մը, որուն մէջ ան շեշտեց երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ խոր յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ նախագահ Աուն օտար քաղաքացիներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու առիթ մը ընծայած է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը անճիշդ են եւ սուտասանութեան արշաւին մաս կը կազմեն:

Հաղորդագրութեան մէջ վերահաստատուեցաւ բոլոր լրատուամիջոցներուն կողմէ նման լուրեր նախագահական պալատէն ստուգելու անհրաժեշտութիւնը` կանխարգիլելու համար ապատեղեկատուութիւնը:

«Նման սխալներու կրկնութիւնը օրինազանցութիւն կը նկատուի եւ այդ սխալներուն հեղինակները հարցաքննութեան կրնայ մղել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ նախարարը իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու առիթի մը մասին ոչինչ նախաձեռնած է:

Ֆահմի հաստատեց, որ Պետական պաշտօնաթերթին մէջ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացած անհատներուն անուանացանկը 2015-ին քաղաքացիութիւն ստացողներուն կը վերաբերի:

 

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ . «Միայն Ժողովրդային Շարժումի Պահանջներուն Անսալով Է, Որ Կարելի Է Միջազգային Վստահութիւնը Վերականգնել» Շեշտեց Շիա

Յաջորդը

Առողջապահութեան Նախարարը Հաւանական Կը Գտնէ Առողջապահական Արտակարգ Վիճակ Յայտարարելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.