Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու խորհրդատու Հանս Ուիշսիլի եւ ներկայութեամբ Տիապի խորհրդատուներ Խտըր Թալեպի, Ժըպրան Սուֆանի եւ Խալետ Աքարիի:
Այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
Հանդիպումէն ետք Շիա շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի իշխանութեան պետերուն կողմէ իր հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորումին համար:
Ան նշեց, որ իրեն համար պատիւ է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը ստանձնել եւ գործել լիբանանցի ժողովուրդին կողքին, «ժողովուրդ մը, որ ո՛չ միայն իր հիւրասիրութեամբ ծանօթ է, այլեւ` իր բազմազանութեամբ եւ գոյատեւումի կամքով», ըսաւ ան:
Շիա յայտնեց, որ վարչապետ Տիապի հետ քննարկած է Լիբանանի հետ ամերիկեան գործակցութեան կարելիութիւնները` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն իր գրաւը դրած է ապահով, կայուն եւ գերիշխան Լիբանանին վրայ:
«Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութիւնը ո՛չ միայն կարեւոր է զոյգ երկիրներու շահերուն ապահովումին համար, այլեւ շրջանի բոլոր երկիրներուն շահերուն», ըսաւ Շիա:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները իրաւամբ պահանջած են բարեկարգում կատարել եւ փտածութեան դէմ պայքարիլ, ինչպէս նաեւ աշխուժ քաղաքականութիւն պարտադրել` Լիբանանը փրկելու համար տնտեսական իր արտակարգ տագնապէն: «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն լիբանանցի ցուցարարներուն արդարացի պահանջներուն զօրակցիլ», ըսաւ Շիա` աւելցնելով, որ միայն ժողովրդային շարժումի պահանջներուն անսալով է, որ կարելի է միջազգային վստահութիւնը վերականգնել:
Շիա այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն միջոցները, որոնց հիման վրայ Լիբանան պէտք է դիմագրաւէ իրեն դէմ ծառացող մարտահրաւէրները:



