Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն օրակարգը կը բաղկանար 44 կէտերէ, որոնց կարեւորագոյններն էին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նստաշրջանի բարեփոխումը, դրամատնային վարկերու օրինական տոկոսը 2 առ հարիւր ճշդելը, դրամատնային բարեփոխումը եւ տարբեր վարչական նշանակումներ:
Նախքան նիստը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ունեցան առանձնազրոյց մը:
Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախագահ Աուն նիստի ընթացքին նախարարաց խորհուրդին կոչ ուղղած է 30 նոյեմբերին եւ 1 դեկտեմբերին երկօրեայ փակում յայտարարելու` Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան յաջողութեան նպաստելու համար:
Մըրքոս յայտարարեց, թէ նախարարաց խորհուրդը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան երաշխաւոր երկիրներուն կոչ ուղղած է` Իսրայէլի մօտ միջամտելու, որպէսզի վերջինս գործադրէ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը:
Ան նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը նաեւ կիպրական կողմին հետ ծովային սահմանագծման համաձայնութիւն կնքած է:
Մըրքոս նաեւ նկատել տուաւ, որ նախարարաց խորհուրդը հաստատած է իր` խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու յանձնառութիւնը:


