Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Այսօր Անգարայի Մէջ Կը Շարունակուին Իտլիպի Հարցով Ռուսիա-Թուրքիա Բանակցութիւնները

March 13, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուս եւ թուրք զինուորականները այսօր Անգարայի մէջ պիտի շարունակեն քննարկել Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարցը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ զինուորական պատուիրակութիւնները աւարտած են պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններու երրորդ օրը: Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին վաղը», կը նշուի Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը կը քննարկեն Իտլիպ նահանգի «Էմ4» մայրուղիի մօտ միացեալ հսկողութեան հարցը, որ ինչպէս կ՛ակնկալուի, պէտք է սկսի 15 մարտին:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտնեց, որ ռուս եւ թուրք զինուորական մասնագէտները Իտլիպի հարցով բանակցութիւններուն մէջ որոշակի համաձայնութեան եկած են:

Միւս կողմէ, Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:

«Քննարկուած են 5 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ռուս-թրքական հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան առնչուող հարցեր: Ընդգծուած է Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ լարուածութեան զգալի նուազումը: Հաստատուած է սերտ, միացեալ աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը, նախ եւ առաջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն գծով, որպէսզի ապահովուի զինադադարի կայուն դրութիւնը եւ կացութեան հետագայ կայունացումը», կը նշուի Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Որոշուած է հետագային ալ կանոնաւոր երկխօսութիւն ծաւալել տարբեր մակարդակներով:

 

Նախորդը

Փեքին. «Թերեւս Ամերիկեան Բանակը «Քորոնա»-ն Մտցուց Չինաստան»

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Բարձրագոյն Կէտը Յաղթահարուած Է

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.