Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկրին քաղաքացիներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ 31 մարտէն սկսեալ 30 օրով կ՛արգիլէ Եւրոպայէն մուտքը Միացեալ Նահանգներ:
Թրամփ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չէ կրցած արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկել նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման դէմ, ինչ որ Միացեալ Նահանգներ յաջողեցան կատարել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին համաձայն, երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ելեւմտական աջակցութեան յաւելեալ միջոցները պիտի կազմեն 200 միլիառ տոլար:
Թրամփ աւելցուց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները պիտի սկսին վարկեր տրամադրել փոքր եւ միջին առեւտուրներուն, որոնք վնասուած են «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
«Պէտք է յարձակողական եւ համապարփակ ջանքեր գործադրել ժամանակակից պատմութեան մէջ ամէնէն վտանգաւոր օտար վարակին դէմ դնելու համար», ըսաւ ան` գովազդելով «Չինաստան ճամբորդութիւններու համար իր սահմանած սահմանափակումները»: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը «չէ որդեգրած նոյն նախազգուշական միջոցները եւ չէ սահմանափակած ուղեւորութիւնները Չինաստանէն ու «Քորոնա» ժահրի բռնկման այլ թէժ կէտերէն»:
«Վարակը ոչ մէկ առիթ պիտի ունենայ մեր դէմ: Ոչ մէկ երկիր աւելի պատրաստուած է, քան Միացեալ Նահանգները», յայտարարեց ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծեց, որ ստեղծուած իրավիճակը Միացեալ Նահանգներու մէջ ելեւմտական ճգնաժամի պիտի չյանգեցնէ եւ ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ:
«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու 24 նահանգներու եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է` «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով:
Կը նշուի, որ արտակարգ դրութիւնը պիտի արտօնէ իրականացնել առողջապահական մեկուսացումի քայլեր եւ պատժել անբարեխիղճ տնտեսավարողները:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել զգուշացուց Եւրոպայէն դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչքները արգիլելու Թրամփի որոշումին ներկայացուցած տնտեսական վտանգներէն: