Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութիւնը նախագահի ընտրութիւններուն, որոնք նշանակուած են 2024 թուականին, կախեալ պիտի ըլլայ քանի մը գործօններէ` մասնաւորաբար համաշխարհային տնտեսութեան վիճակէն, «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներէն եւ շրջանային տագնապներէն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Աշխարհի վրայ տիրող կացութիւնը շատ յայտնի է, ատիկա շատ ու շատ անհանգիստ է, եթէ չըսենք չափազանց մրրկային», արձանագրած է Քրեմլինի բանբերը:
Անոր համաձայն, «այդպիսի ոչ դիւրին տարիներուն որոշ երկիրներ որոշումներ տուած են գործող նախագահի համար այնուհետեւ ալ իր ճամբուն վրայ մնալու կարելիութեան մասին»:
«Այս ոչ դիւրին տարիներուն վիթխարի նշանակութիւն ունի իշխանութեան կայունութիւնը, իշխանութեան հաստատունութիւնը, իշխանութեան հետեւողականութիւնը», ընդգծած է Փեսքով:
«Ըստ երեւոյթին, ատով ալ ղեկավարուած է Թերեշքովան, ատիկա եղած է անոր փաստարկումը, որուն համաձայնած է նախագահ Փութին», նշած է Քրեմլինի բանբերը: