Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան հարցում ուղարկած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյին` 24 փետրուարին թուրք-իրանեան սահմանին վրայ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով վնասուած 7-րդ դարուն կառուցուած հայկական Ձորադիրի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ ճակատագիրին վերաբերեալ:
Փայլան նախարարին յղած է հետեւեալ հարցումները.
1.- Ճշդուա՞ծ են այն վնասները, զորս երկրաշարժը պատճառած է Ձորադիրի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ:
2.- Պատմական ու ճարտարապետական առումով անզուգական նկատուող եկեղեցւոյ վնասները նորոգելու համար գումար պիտի տրամադրուի՞ եւ ժամ առաջ բարեզարդման աշխատանքներու պիտի ձեռնարկուի՞:
3.- Երկրաշարժէն վնասուած Վանի այլ յուշարձաններու վնասները ճշդելու համար աշխատանք կատարուա՞ծ է:
4.- Վանի մշակութային յուշարձաններու գոյքագրումը կատարուա՞ծ է:
5.- Ո՞րն է նախարարութեանդ գործողութիւններու ծրագիրը` Վանի մշակութային յուշարձաններու պահպանման, նորոգութեան եւ իբրեւ մշակութային յուշարձան յաջորդ սերունդներուն փոխանցման ուղղութեամբ: