Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահներէն Լեւոն Հայրապետեան, որ մաս կը կազմէ Կտանսքի Լեկիային, շատ հաւանաբար այսօր վերսկսի իր փորձերուն, կը յայտնէ Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Ան ըսած է, որ քիչ մը անհանգիստ ըլլալուն պատճառով բացակայ եղած է խումբին կատարած փորձերէն, որոնք սկսած էին նախորդ 5 յունուարին` պատրաստուելու համար դարձի մրցումներուն:
Նշենք, որ ակումբը երթի մրցումներուն աւարտին նոր մարզիչ նշանակեց Փաւել Եանասը:


