Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիւլենի «Բազմամշակութային Մոզայիք» Հիմնադրամը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

March 10, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Բազմամշակութային մոզայիք» հիմնադրամը 8 մարտին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով կը ճանչնայ 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

1997-ին հիմնուած հիմնադրամը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը տարբեր ազգերու, մշակոյթներու, կրօններու փոխըմբռնումը, երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան տարածումն է, սերտօրէն առնչուած է թուրք յայտնի իսլամ ղեկավար, քարոզիչ, «Հիզմեթ» շարժումի հիմնադիր, աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ գործիչներէն Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ, որ այժմ կը բնակի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվենիա նահանգին մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հիմնադրամը երեք տարի առաջ ստեղծած է յանձնախումբ մը` յստակացնելու համար, թէ 1915-ին ի՛նչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն հետ: Յանձնախումբին անդամները երեք տարուան ընթացքին մասնակցած են հայկական, օսմանեան եւ ցեղասպանութիւններու պատմութեան նուիրուած քննարկումներու, հանդիպած են ցեղասպանութենէն փրկուածներու, անոնց ժառանգորդներուն եւ այլն:

«Յանձնախումբը երեք տարուան ժամկէտը ամբողջացնելէ ետք որոշած է քուէարկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ: Յանձնախումբին 20 անդամները միաձայնութեամբ թեր քուէարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Այդ քուէները ներկայացուեցան ղեկավար խորհուրդին` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկ: «Մոզայիք»-ի ղեկավարութիւնը հետեւեցաւ այդ խորհուրդին եւ 7 մարտ 2020-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն բազմիցս պահանջած է յանձնել Կիւլենը, որ ժամանակին բաւական ջերմ յարաբերութիւններ ունէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, սակայն 2013-ին ան Թուրքիոյ մէջ կը մեղադրուի յեղաշրջում կազմակերպելու փորձի յանցանքով: Կիւլեն մեղադրուեցաւ 15 յուլիս 2016-ի զինուորական անյաջող յեղաշրջման փորձի յանցանքով, իսկ իրեն հետեւորդ գործիչներուն դէմ սկսաւ հետապնդում:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 41-ի

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Ժամանակաւորապէս Դադրած Են Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Այցելութիւնները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.